Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Բաւական ժամանակէ ի վեր մրցոյթ յայտարարուած էր յունական ՏԵՍՖԱ կազի ընկերութեան բաժնի մը վաճառման կապակցութեամբ: Այս մրցոյթին միակ մասնակիցը ազերիական Socar ընկերութիւնն էր, որ շատ ցած գումարով առաջարկ մը ներկայացուցած էր:

Capital.grի նոր տուեալներու հիմամբ՝ ազերիական ընկերութիւնը բարձրացուցած է իր առաջարկը՝ 400 միլիոն եւրօ գումար առաջարկելով, ՏԵՍՖԱի 66%ը գնելու համար: Այսուհանդերձ, առաջարկուած գումարը դարձեալ ցած կը մնայ, բաղդատելով ընկերութեան տնտեսական արժէքի կարողականութեան:

Յունական մամուլը լուսարձակի տակ կը բերէ հարցը, մատնանշելով թէ տնտեսական հետաքրքրութենէն զատ, առաջարկը աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն կը ներկայացնէ՝ Ատրպէյճանէն դէպի Եւրոպա հասնող կազի հարաւային ճանապարհի (TAP) նախընտրութեան ցուցանիշ հանդիսանալով: Այլընտրանքային կը մնայ յոյն-թրքական սահմանագիծէն սկսող, Ալպանիան ճեղքող եւ Իտալիա հասնող Նապուքօ կազատարի ծրագիրը, որ Յունաստանի սահմաններէն դուրս կÿանցնի:

Վերջնական որոշումը կը նախատեսուի կայացնել Յունիսի վերջաւորութեան:

Նշենք, որ յունական ՏԵՍՖԱ ընկերութիւնը բնական կազի ազգային համակարգի մատակարարումը ստանձնած ընկերութիւնն է, որու կը պատկանին յոյն-պուլկարական սահմանագիծէն սկսող եւ մինչեւ Ատիկէ հասնող կազատարը, ինչպէս եւ Ռեվիթուսայի կազի պահեստային լրիւ համակարգը:

Յունաստանի միջավայրի փոխ նախարար Ասիմաքիս Փափաեորղիու դիտել տուած է թէ Socar-ի հետ հաւանական համաձայնութեան պարագան՝ գերակշիռ կը դարձնէ TAP կազատարի գործադրումը: