Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Երեք շաբաթէ ի վեր շարունակուող Կեզի հրապարակի իրադարձութիւնները, քաղաքացիներու դէմ բնաւ չդադրող բռնութեան ալիքը, որ կը գործադրուի թրքական իշխանութեան կողմէ եւ հետզհետէ աւելի խիստ ու սպառնական ոճը, որ կը գործածէ վարչապետ Էրտողանը՝

ծանր հարուած հասցուցած են Էրտողանի վարկանիշի եւ իր գլխաւորած կուսակցութեան վրայ, որու մասին գնահատականները կտրուկ անկում արձանագրած են։

Ըստ հարցումներու, Թուրքիոյ ամենասիրուած գործիչը այս պահուս նախագահ Ապտալա Կիւլն է՝ ...72,5 տոկոսի բարձրացող պատասխաններով։

Եթէ այս Կիրակի ընտրութիւններ իրագործուէին, որո՞ւն կ'ընտրէիք հարցումին պատասխան տուող մասնակիցներու 35% տոկոսը ըսած է թէ իշխող կուսակցութեան կուտար իր ձայնը, մինչ 23% տոկոսը՝ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետականին:

Հարցուողներու 36% տոկոսի կարծիքով՝ Էրտողանը աւելի ժողովրդավար է, իսկ 50 տոկոսը կը կարծէ, որ Էրտողանի իշխանութիւնը հետզհետէ աւելի բռնատիրական կը դառնայ:

«Կեզի այգին թող մնայ որպէս կանաչ տարածք»,-պատասխանած Է հարցախոյզին մասնակցող քաղաքացիներու 63% տոկոսը, ինչ որ դարձեալ հարուած մըն է Էրտողանի հասցէին, որ կը պնդէ թէ «Կեզի այգիի պահպանութեան ի խնդիր, հազիւ մի քանի հոգի դուրս եկած եւ թափթփուկ ստեղծած է»...։

Թուրքիոյ մէջ 85 գործիչ ձերբակալուած է

Թուրքիոյ ոստիկանական ուժերը կանուխ առաւօտեան ժամերէն դարձեալ վերսկսան խուզարկութիւններ կատարել Պոլսոյ եւ Անգարայի տասնեակ հասցէներու վրայ։ Ստուգման ենթարկուեցան բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք, ենթադրաբար, մասնակցած էին վերջին շաբաթներու ցոյցերուն եւ անկարգութիւններուն:

Ներքին գործերի նախարարը յայտարարած է, որ ձերբակալուած է 62 հոգի Պոլսոյ եւ 23 հոգի Անգարայի մէջ։