Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով մասնակցած է ԱՄՆի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած Ամերիկայի հրէական խորհուրդի «AJC Global Forum» համաժողովին եւ նոյնիսկ առաջարկած է աջակցիլ իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները շարունակելով լուրերու հաղորդումը այս խորհրդաժողովի մասին, կը յայտնեն, որ Մամետեարով լոպիական հիմնարկին կազմակերպած համաժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով պնդած է, թէ Ատրպէյճան ուժանիւթի հսկայ պահեստներ ունի եւ անոնց շնորհիւ՝ առանցքային դերակատարութիւն: Ըստ անոր՝ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներու հետ Պաքուի ունեցած լաւ յարաբերութիւնները կրնան առիթ տալ Ատրպէյճանին, որ կամուրջի դեր ստանձնէ իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, բնականաբար, ոչինչ ըսած է ատրպէյճանցիներուն կողմէ իրականացուած հայկական ջարդերուն, Ատրպէյճանէն արտաքսուած հարիւր հազարաւոր հայերուն եւ պաշտօնական մակարդակով տարուող հակահայ սպառնալիքներուն ու քաղաքականութեան մասին: