Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Խաղաղ ցոյցը ժողովրդավարական հանրութեան շրջանակներուն մէջ կարծիք յայտնելու օրինական միջոց է», - ըսած է Ֆիւլէ, Էրտողանի ներկայութեան կայացած Պոլսոյ մէջ խորհրդաժողովին ընթացքին

Թուրքիոյ մէջ պէտք է կազմակերպել արագ եւ բաց հետաքննութիւն՝  ոստիկաններու կողմէ բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն դէմ ցուցաբերուած չափազանց դաժան վերաբերմունքի դէպքերու առնչութեամբ եւ պատժել մեղաւորները: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման

հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլեն՝ Պոլսոյ մէջ ընթացող եւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան առընչուած խորհրդակցութեան ընթացքին:
«Խաղաղ ցոյցը ժողովրդավարական հանրութեան շրջանակներուն մէջ կարծիք յայտնելու օրինական միջոց է», - ըսած է Ֆիւլէ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանը, որ, ի պատասխան եւրոպացի յանձնակատարի խօսքերուն, մեղադրած է եւրոպացիները երկակի մօտեցումներու կապակցութեամբ...
«Որեւէ եւրոպական երկրի մէջ պետական ծրագրի դէմ նման բուռն ցոյցեր իրականացնող ուժերուն ու կազմակերպիչներուն հանդէպ աւելի խիստ պատժամիջոցներ կիրառուած են», - դիտել տուած է Էրտողանը:
Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը ընդգծած է, որ Եւրոմիութիւնը չի հրաժարիր Թուրիքիային իր շարքերէն ներս ընդունելու խոստումէն, սակայն նման հանգրուանի հասնելու համար Թուրքիան պէտք է հետեւի հիմնական ժողովրդավարական իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը նոյնպէս կոչ ուղղած էր թրքական իշխանութիւններուն դատապարտելու Պոլսոյ Կէզի զբօսավայրի վերակառուցման դէմ բողոքի ցոյցի մասնակիցներու հանդէպ գործուած բիրտ հետապնդումները: Մերքել եւս նշած է, որ նման դաժան վերաբերմունք պատճառ դարձաւ, որ ցոյցերը զանգուածային բնոյթ ստանան: