Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութիւնը (FIDH), որու 38րդ համագումարը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, Մայիս 23էն 27, կոչ ուղղած է Թուրքիոյ կառավարութեան, որ անյապաղ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վերջ տայ Հայաստանի շրջափակման: Կազմակերպութիւնը միաձայնութեամբ
վաւերացուցած է յիշեալ բանաձեւը, որուն նախաձեռնողները եղած են հայկական ու թրքական հանրային կազմակերպութիւններ։
Պոլսոյ համագումարի շրջագիծին մէջ կայացած է նաեւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն աքսորւած հայ մտաւորականներու յիշատակին։
Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութիւնը 1950ականներէն իսկ, ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը։