«Civilnet.am»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն հիմամբ՝ Թուրքիոյ մէջ ժամանակաւոր բնակութեան իրաւունք ստացած է Հայաստանէն տեղափոխուած 861 ընտանիք։
Այս հաստատումը կատարած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր՝ խորհրդարանին մէջ պատասխանելով պատգամաւորներուն հարցումներուն։ Լուրը հաղորդած է թրքական «Վաթան» պարբերականը:
Կիւլեր ըսած է, թէ այդ թիւը կը ներառէ թէ՛ Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ իրաւունքով Թուրքիոյ մէջ աշխատանքի թոյլտուութիւն ստացած են, եւ թէ ուսանող հայերը: Թուրք նախարարը չէ յստակացուցած բնակութեան իրաւունք ունեցող հայերուն ճշգրիտ թիւը:
Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ մէջ կը բնակին Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքացիներ՝ առանց բնակութեան թոյլտուութեան: