Թուրքիոյ այս վերջին դէպքերուն նախորդող օրերուն ալ այլ բանավէճ մը ծագած է՝ Պոլսոյ երրորդ կամուրջին անունին նիւթով:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ հիմնարկէքի ընթացքին յայտարարած է, թէ նոր կամուրջը պիտի մկրտուի օսմանեան ամենէն ծանօթ սուլթաններէն՝ Եավուզ Սուլթան Սէլիմի անունով:
Սակայն յիշեալ անունը բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծած է երկրին ալեւիներուն մօտ, որոնք այս որոշումը որպէս իրենց ուղղուած բացայայտ մարտահրաւէր ընդունած են: Պատճառը այն է, որ նշեալ անունը շատ տխուր յիշատակներ կ’առթէ ալեւիներուն: Այս վերջինները կը պնդեն, թէ Եավուզ Սուլթան Սէլիմի շրջանին է, որ Թուրքիոյ գրեթէ կէսը գրաւած ալեւիներուն դէմ գործադրուեցաւ հաւաքական մաքրագործումի ու ցեղասպանութեան գործողութիւն:
“Եավուզ Սուլթան Սէլիմի անունը մեզի համար արցունք, արիւն ու սպանդ կը նշանակէ”,- ըսած է ալեւի ղեկավար Ռիւսթէմ Կիւմիւշ՝ աւելցնելով, թէ այդ անունին ընտրութիւնը նախատինք է իրենց: “Եթէ այս երկրին մէջ եղբայրութեան մասին պիտի խօսուի, ամէն մարդ պարտաւոր է յարգանք ցոյց տալու ալեւիներու եւս մշակոյթին ու պատմութեան”,- եզրակացուցած է ան: