ՊՈԼԻՍ, «Ակունք».- «Այքըրըդողրուլար» լրատուական կայքի հայազգի լրագրող Ճեւաթ Սինեթը համոզուած է, որ պոլսահայ յայտնի լրագրող ու լեզուաբան Սեւան Նշանեանի նկատմամբ կայացած բանտարկութեան դատավճիռին նպատակը զայն սպաննելն է:
«Այն մեղադրանքը, որուն հիման վրայ Սեւան Նշանեանը դատապարտուած է 13.5 ամիս ազատազրկման, կրնայ տարածուիլ բոլրոիս վրայ: Եթէ Սեւանը դիտաւորեալ կերպով յանցանք գործած է, ուրեմն մենք ամէն օր կը կատարենք այդ յանցագործութիւնը: Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհի մտաւորական թէ ժողովրդավարական, դատական արդար համակարգին եւ իրաւունքին հաւատացող, մարդու բնական իրաւունքներուն հանդէպ յարգանք տածող իւրաքանչիւր շրջանակ պէտք է աջակից դառնայ Սեւան Նշանեանին: Յստակ է, որ կ՛ուզեն սպաննել տալ Սեւանը, ինչպէս որ թիրախ դարձուցած էին Հրանդ Տինքին: Հիմա հերթը Սեւանինն է: Քանի դեռ ուշ չէ, բոլոր զգայուն մարդիկ պէտք է ժամ առաջ գործի անցնին եւ իրենց բողոքը արտայայտեն այս ցեղապաշտական վերաբերմունքին համար: Պէտք է միջոցներ ձեռնարկուին, քանի դեռ աղաւնի մը եւս չէ սպաննուած: Կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ այս երկրին մէջ իւրաքանչիւր մտածող կը դաստիարակեն իրենց բանտերով եւ փամփուշտներով: Այս երկրին մէջ շատ հրանդներ եւ սեւաններ կան: Աղաւնիները վերջ չունին այս երկրին մէջ…», գրած է Սինեթ: