Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը վերանորոգեն դէպի Հայաստանի սահման ձգուող 112 քլմ. երկարութեամբ երկաթուղին, որուն աշխատանքներուն ծանօթանալու համար Չաթաք գիւղ այցելած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Կարսի պատգամաւոր Ահմետ Արսլանը:

Պատգամաւորը ըսած է, թէ շրջանը զարգացնելու առումով կարեւոր է երկաթագիծի բացումը, սակայն աւելցուցած է թէ այդ երկաթուղիին իբրեւ այլընտրանք՝ արդէն իսկ կը կառուցուի Կարս-Թիֆլիս-Պաքու գիծը: