Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը՝ Committee to Protect Journalists (CPJ), որու կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թելադրած է անպարտ արձակել հայ մտաւորական, գրող, լրագրող Սեւան Նշանեանը եւ հետաքննութիւն կատարել՝ Twitter ընկերային ցանցին վրայ անոր հասցէին հնչած սպառնալիքներուն մասին:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ դատարանը Մայիս 22ին Նշանեանը 13,5 ամիս բանտարկութեան դատապարտեց՝ «մահմետականներու կրօնական արժէքները հրապարակաւ նախատելու» մեղադրանքով: Նշանեանի դէմ պատժական հետապնդումի պատճառ հանդիսացած էր աղմկայարոյց «Մահմետականներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին առընչութեամբ անոր կատարած մեկնաբանութիւնը: Լրագրողը իր պլոկին մէջ, ակնարկելով Մուհամմէտ մարգարէին, գրած էր, որ «Ատելութեան ոճիր չի հանդիսանար ծաղրելը՝ արաբ ղեկավար մը, որ դարեր առաջ պնդելով, որ Աստուծոյ հետ կապի մէջ է՝ քաղաքական, նիւթական եւ սեռային շահեր ապահոված է ինզինքին»:

Նշենք, որ խնդրոյ առարկայ ժապաւէնը լոյս տեսած էր 2012ին եւ իսկական փոթորիկ մը ստեղծած՝ մահմետական աշխարհին մէջ:

Նշանեանի դէմ սպառնալիքներ կատարուած են: