Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Amnesty International-ը եւ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչները քըննադատած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ խօսքի ազատութեան նկատմամբ գործադրուած ճնշումներուն կապակցութեամբ:

Արդարեւ, ատրպէյճանական խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է օրէնսդրական փոփոխութիւններու, որոնցմով մինչեւ երեք տարի բանտարկութիւն կը նախատեսուի համացանցի միջոցով զրպարտութիւն տարածելու փորձերուն: Այս նոր կարգադրութիւնը, բնականաբար դուռ պիտի բանայ խօսքի ազատութիւնը սանձելու առումով՝ չարաշահումներու, խեղաթիւրումներու:

Օրէնքը ի զօրու պիտի դառնայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստորագրուելէ ետք:

Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան 2013 Հոկտեմբեր 16ին: