Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, նոր ստորագրած հրամանագրով մը խզած է ատրպէյճանական քարիւղին Ռուսաստանէն անցքին վերաբերող պայմանագիրը՝ Պաքու- Նովորոսիսք քարիւղատարը ձեռնտու չնկատելով Մոսկուայի համար:

Ատրպէյճանի պետական նաֆթային SOCAR ընկերութիւնը մեկնաբանելով այս զարգացումը, յայտարարած է, թէ ռուս վարչապետին այս որոշումը միայն տնտեսական բնոյթ կը կրէ:

Նշենք, որ համաձայնագիրը ստորագրուած էր 1996ին եւ կը նախատեսէր Պաքու-Նովորոսիսք խողովակաշարով՝ Ռուսաստանի տարածքով տարեկան 5 միլիոն թոն քարիւղ փոխադրել: 2011ի վերջաւորութեան, SOCAR-ի եւ ռուսական «Թրանսնեւթ» ընկերութեան միջեւ փոխադրութեան սակերու եւ փոխադրուող քարիւղի ծաւալին շուրջ ծագած էին տարակարծութիւններ: 2011ին, այս նաֆթամուղով փոխադրուած էր շուրջ 2 միլիոն թոն քարիւղ, ինչ որ 11,3% նուազ էր նախորդ տարուընէ, իսկ պայմանագրով նախատեսուած ծաւալէն՝ երկու անգամ քիչ: Ռուսական կողմը Ատրպէյճանէն պահանջած էր աւելցնել փոխադրութեան ծաւալը:

SOCAR կը խոստովանի, որ ռուսական կողմը այս որոշումը առնելով՝ կը գործէ օրէնքի շրջանակին մէջ ու կ’աւելցնէ, թէ պայմանագրի այս խզումը որեւէ ձեւով չի խոչընդոտեր ատըրպայճանական քարիւղը համաշխարհային շուկայ հասցնելու ծրագիրներու գործադրութիւնը: