ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Եւրոպական 11 երկիրներու մէջ ապրող 2634 թուրքերու հետ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն՝ Եւրոպայի թուրքերուն 44 տոկոսը կ՛ընդդիմանայ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, մինչ անոնց 42 տոկոսը համաձայն է անոր:
Թրքական «Հաճիթեփէ» համալսարանին կատարած մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Եւրոպա ապրող այն թուրքերը, որոնք ձախակողմեան կուսակցութեանց ի նպաստ դիրքորոշուած են, սովորաբար նեցուկ կը կանգնին Թուրքիոյ պահպանողական կուսակցութիւններուն:
Ըստ ուսումնասիրութեան՝ ներկայիս Եւրոպայի տարածքին կ՛ապրին մօտաւորապէս 5 միլիոն թուրքեր, որոնց երեք միլիոնը՝ Գերմանիոյ մէջ: