Ցնցիչ բացայայտում մը
«Ռէյհանլըի մէջ Սուրիոյ փախստականները սպաննուեցան գիտակցաբար - անոնց գլուխները ջախջախուեցան - եթէ անոնք հայեր ըլլային...»
Թրքական «Սթար» թերթի լրագրող Հաքան Ալպայրաք Ռէյհանըլի մէջ ռմբահարումի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերու ոդիսականի մասին խօսեցաւ «Ա. Հապէր» հեռատեսիլի «Պիր Սորմաք Լազըմ» յայտագրի ընթացքին, պատասխանելով հաղորդավար Սէյլին Օնկունի հարցումներուն:
Հաքան Ալպայրաքի տուած տեղեկութիւնները սարսռազդեցիկ բնոյթ ունէին եւ հիմնովին կը ջրէին այն լրատուութիւնները, որոնք հեռատեսիլէն եւ մամուլէն նախապէս հաղորդուած էին ժողովուրդին:
Ալպայրաք պատմեց թէ Ռէյհանլըի մէջ պայթումի դէպքը կատարուած է կանխածրագրեալ ձեւով եւ կամաւորապէս: Հոն ռմբահարումի զոհ գացած անձերէն շատերը Սուրիայէն խոյս տուած գաղթականներ էին, որոնք զոհ գացած են: Սպաննութիւնները կատարուած են քարկոծումի հետեւանքով՝ գլուխներու ջախջախումի ձեւով: Դիազննութեան ընթացքին բժիշկներուն բռնութեամբ յանձնարարուած է լուռ մնալ եւ քօղարկել իրականութիւնը: Ռէյհանլըի պատահարները ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունեցած են ֆաշականութեան ահաբեկչութենէն:
Այս վկայութիւններէն ետք Ալպայրաք ըսաւ. «Կրնա՞ք երեւակայել թէ եթէ այս մարդիկը փոխանակ օտարներու, հայեր ըլլաին: Արդեօք ի՞նչ կ'ընէինք: Ռէյհանցիները ի՞նչ կ'ընէին անոնց: Կ'ըսուի թէ 1915ին մեր ժողովուրդը հայերուն չարիք չէ գործած: Եղբա՛յր, դուն այդ չարիքը կ'ընես հօրեղբօրդ որւոյն»: