Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

կամ թրքական քարոզչութեան մէկ օրինակը

Այս խորագրով, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը տեսահոլովակ մը լոյս ընծայած է, ուր կը հաղորդուի, թէ Թուրքիոյ մէջ տարւոյն մայրը ընտրուած է հայաստանցի Հերմինէ Տալմազեանը: Ան, Հայաստանէն Թուրքիա՝ սեւծովեան ափերու Քելէր գիւղը հարս գացած է:

Հերմինէ, կինը դարձած է չորս զաւակներու տէր թուրք գիւղացի Մուհամմէտ Ալիի. դարձած է մահմետական եւ այլեւս կը կրէ Այշէ անունը: Թերթին թղթակիցը «անոյշ-անոյշ» բառերով ներկայացնելէ ետք Հերմինէ-Այշէն, որ «մեր հայաստանցի մէկ քաղաքացին էր եւ տարի մը վերջ թուրք քաղաքացի դառնալու իրաւունքը պիտի ստանայ», բաւական կը դրուատէ «մեծարեալը», որ հարազատ մօր մը նման, ստանձնած է Ալիի չորս զաւակներուն խնամքը: «Նորօծ» Այշէին մասին խօսելով, աւելի յստակ կը դառնայ, թէ «բանն ինչո՛ւմն է»: Ան թրքական քարոզչութեան կատարեալ դաս մը կը հրամցնէ, հայաստանցիի եւ սեւծովցիի շեշտերու խառնուրդ թրքերէնով մը խօսելով իր նոր ու գոհունակ կեանքի մասին: