Նոյնպէս՝ հայերէնի համշէնեան բարբառը, լազերէնը, ասորերէնը, պոնտոսեան յունարէնը
Արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ մէջ անհետանալու վտանգին տակ գտնուող 18 լեզուներէն մէկն է՝ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕի հրապարակած՝ «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու քարտէս»ին:
Արեւմտահայերէնը, ինչպէս նաեւ հայերէնի համշէնեան բարբառը, լազերէնը, ասորերէնը, յունարէնը, աբխազերէնը եւ պոնտոսեան յունարէնը ներառնուած են յստակ վտանգի տակ եղող լեզուներու ցանկին վրայ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկին համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ արեւմըտահայերէնը կը գործածուի Պոլսոյ եւ Վագըֆ գիւղին մէջ, մօտաւորապէս 50,000 հայերու կողմէ:
Հայաստանի պարագային՝ նոյն ցանկին վրայ վտանգի ենթակայ կը նկատուին միայն երկու լեզու՝ ասորերէնը եւ պոնտոսեան յունարէնը, մինչ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ նման լեզուներու թիւը 11 է:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի հրապարակած ցանկին վրայ լեզուները բաժնուած են 5 խումբերու՝ ըստ անհետացման վտանգի աստիճանին: Անոնք են՝ Խոցելի, Յստակ վտանգի տակ, Ուժեղ վտանգի տակ, Ծայրայեղ վտանգի տակ եւ Անհետացող լեզուներ: