Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաքայի ատրպէյճանական «Մետիաֆորում.ազ» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ «Հայաստանը մեր դրացին է, եւ մենք յարգանքով կը վերաբերինք մեր բոլոր դրացի պետութիւններուն նկատմամբ»:

Անդրադառնալով Պաքուէն հնչող այն մեղադրանքներուն, թէ ինչու «Իրան կ՛աջակցի քրիստոնեայ պետութեան մը, որ բռնագրաւած է իսլամական երկրի տարածքի 20 առ հարիւրը»՝ դեսպանը ըսած է,   թէ Թեհրան Հայաստանի կողքին կը կանգնի նաեւ այն պատճառով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ պատերազմի չվերածուի:

«Ատիկա նաեւ Ատրպէյճանի շահերէն կը բխի, կը կատարուի, որպէսզի Ատրպէյճանը քրիտոնեայ աշխարհի ճնշումին տակ չյայտնուի», «Հաքքին.ազ» կայքէջի հաղորդմամբ ըսած է դեսպանը եւ աւելցուցած. «Հայաստանին բազմաթիւ երկիրներ կ՛աջակցին, Պաքուն, սակայն, կարծես այդ երկիրները չի նկատեր… Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ օգնութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի միլիառաւոր տոլարներ կը յատկացնէ, ամերիկացի դէտերը նոյնիսկ դիտարկում կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններուն ընթացքին եւ կարելի է ըսել, որ ըստ էութեան ճանչցած են շրջանի անկախութիւնը: Չես գիտեր ինչու Ատրպէյճանին միայն Իրանը կը քննադատէ»:

Փաքայի ընդգծած է նաեւ, որ հայերը Իրանի մէջ յարգանք կը վայելեն եւ, իբրեւ Իրանի քաղաքացիներ, կ՛օգտուին բոլոր իրաւունքներէն եւ արտօնութիւններէն: «Դուք հաւա- նաբար կը յիշէք Սաթար Խանը (Իրանի ազգային հերոս, 1867-1914), ուրեմն գիտցէք, որ անոր զինակից ընկերը ազգութեամբ հայ Եփրեմ խանն էր, եւ անոնք երկուքն ալ իրենց կեանքը նուիրած են յանուն Իրանի ազատագրման», յայտարարած է Իրանի դեսպանը:

 

ԻՐԱՆԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ

«Եթէ տարածքներու միաւորման հարց յառաջանայ, Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնն է, որ պէտք է կցուի Իրանին եւ ոչ թէ հակառակը» 

Անցեալ շաբաթ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր լարումի մը վկայ եղած էինք, Պաքուի մէջ, ատրպէյճանցի ազգայնականներու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկէ մը ետք, ուր Իրանի Ատրպատականին՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քարոզչութիւնը կը կատարուէր: Իրան այդ մասին բողոքագիր մըն ալ յանձնած էր Ատրպէյճանի: Այս վերջնոյն պատասխան նամակը, որ կը միտէր կիրքերը հանդարտեցնելու, ըստ երեւոյթին չէ գոհացուցած Իրանը, որ վճռած է առնուազն համազօր քայլերու դիմելու: Այսպէս, իրանցի խորհրդարանականներ սկսած են մշակել Թուրքմենչայի պայմանագիրը վերանայելու մասին օրինագիծ մը: Անոր վաւերացման պարագային՝ կրնայ որոշուիլ Ատրպէյճանի կցումը՝ Իրանին:

Արդէն Իրանի խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Ալաէտտին Պորուճերտի, անդրադառնալով իրանեան տարածքներուն նկատմամբ Պաքուի նկրտումներուն՝ յայտարարած էր, որ եթէ տարածքներու միաւորման հարց յառաջանայ, Ատըրպէյճանի Հանրապետութիւնն է, որ պէտք է կցուի Իրանին եւ ոչ թէ հակառակը: