Թրքական Hurriyet Daily News թերթը, վկայակոչելով NTV կայանի հաղորդումը յայտնած է, թէ Անգարայի դատախազը կը քննէ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարք Պարթոլոմէոսի դէմ մահափորձի մը պարագան:
Քննութիւնը սկսած է Կայսերի քաղաքէն նամակի մը ստացումէն յետոյ, ըստ որու՝ Մայիս 29-ին կը ծրագրուէր մահափորձը, Պոլսոյ գրաւման տօնին առիթով...
Անձ մը ձերբակալուած է եւ երկու հոգի եւս կը փնտռուին ոստիկանութեան կողմէ:
Ձերբակալուած անձը կը հերքէ մեղադրանքները եւ կը պնդէ, թէ ինք Պոլիս գացած էր իր ազգականները այցելելու:
Քննութիւնները կը շարունակուին: