Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը սկսած է իր զինեալները դուրս բերել Թուրքիոյ տարածքէն: Անսալով Թուրքիոյ մէջ ցմահ բանտարկուած իրենց առաջնորդ Ապտալա Օչալանի կոչին՝ քիւրտ գրոհայինները լեռնային ճանապարհներով սկսած են շարժիլ դէպի Իրաքի հիւսիսային քրտաբնակ շրջանները:
Այս մասին պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուեցաւ Մարտ ամսուն: Իմրալիի բանտէն ներս մի քանի ամիս շարունակւած գաղտնի բանակցութիւններէն ետք, Օչալանը գրոհայիններուն կոչ ուղղեց դուրս գալ Թուրքիայէն:
Իւրայատուկ հանգրուան կը համարուի այս եղելութիւնը Թուրքիոյ եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան միջեւ երկարամեայ հակամարտութեան վերջ տալու համար: Աւելի քան երեք տասնամեակ տեւող հակամարտութեան պատճառով երկու կողմերը տասնեակ հազարաւոր զոհեր տուած են:
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթին Տեմիրթաշը, որ ներգրաւուած է կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ, «Ֆրանս փրեսին» ըսաւ. - «Մենք գիտենք, որ անոնք սկսած են դուրս գալ»:
Ըստ հաղորդագրութիւններու՝ Թուրքիայէն դուրս պիտի գան մօտաւորապէս 2.000 քիւրտ զինեալներ: Կը նշուի թէ այս գործընթացը 3-4 ամսուայ վրայ պիտի երկարի, հակառակ որ թրքական որոշ լրատուամիջոցներ կը գրեն, թէ արդէն օրերէ ի վեր սկսած է տեղափոխման շարժումը: Թուրքիայէն հեռացող զինեալները Իրաքի հիւսիսը հասնելով կը միանան այնտեղ տեղակայուած 5.000 զինեալներու հիմնական ուժին:
Քիւրտ զինեալները հակառակ որ ընդունած են իրենց առաջնորդի կոչը, այսուհանդերձ զէնքերը վար չեն դրած: Թրքական բանակը կÿաշխատի վերահսկողութեան տակ պահել սկսած գործընթացը:
Երէկ քիւրտ զինեալները բողոքեցին, ըսելով թէ Իրաքի սահմանին վրայ թրքական բանակի ներկայութիւնը ուժեղացած է, ինչ որ կրնայ ձգձգել խաղաղ գործընթացը եւ բախումներու պատճառ դառնալ:
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու հրամանատար Մուրատ Կարայիլանը անցեալ ամիս զգուշացուցած էր, որ եթէ յարձակման ենթարկուին, անմիջա-պէս պիտի ընդհատեն ծրագիրը: Իսկ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթին Տեմիրթաշն ըսած է, որ չեն կասկածիր կառավարութենէն, այլ «սեւ ուժերու» կողմէ սադ-րանքներու վախ ունին: Նախընթաց կայ՝ 1999ին, երբ քիւրտ զինեալները զանգուածաբար դուրս կուգային Թուրքիայէն, թրքական բանակը թիրախ դարձուցած էր իրենց ոչնչացնելով մօտ 500 զինեալներ: