Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պաշտօնական Անգարան յոյս ունի, որ ներգրաւուելով թրքական՝ թիւով երկրորդ աթոմակայանի շինարարութեան գործընթացին մէջ՝ Ֆրանսա պիտի վերանայի իր մօտեցումները Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ:

Երէկ Անգարայի մէջ լրագրողներու հետ խօսելով, այս անթաքոյց ակնարկով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզը:

«Մենք յոյս ունինք, որ առեւտրային կապերու բարելաւման ֆոնին վրայ Փարիզ աւելի հաւասարակշռուած դիրք պիտի զբաղեցնէ հայերու ցեղասպանութեան շուրջ պնդումներու հարցին մէջ», - ըսած է Եըլտըզը:

Թուրք նախարարի այս յայտարարութիւնը հնչած է   թրքական կառավարութեան ու ճափոնա-ֆրանսական ընկերութիւններու միջեւ   համաձայնագրի ստորագրութենէն հազիւ երեք օր ետք: Այս համաձայնագրի հիմամբ՝ ճափոնական Mitsubishi եւ Itochu ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆրանսական GDF Suez ընկերութիւնը՝ 22 միլիառ տոլարի ընդհանուր արժողութեամբ շինարարութիւն պիտի իրականացնեն Սեւ ծովու ափին գտնուող Սինոփ քաղաքին մօտ:

Այս աթոմակայանը, ի դէպ, պիտի աշխատի ֆրանսական մէկ այլ ընկերութեան՝ Areva-ի կողմէ արտադրուած միջուկային ռեակտորի հիմքի վրայ:

Ուշագրաւ է, որ դեռ անցած տարի Անգարան հրաժարած էր ֆրանսական ընկերութիւնները ներգրաւելէ աթոմակայանի շինարարութեան մրցումին, այդ քայլը ներկայացնելով որպէս յստակ պատժամիջոց՝   Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական ծանօթ օրինագիծի գործադրութեան դէմ: Անգարա այլեւս բնաւ չի մերժեր նախկին նախագահ Սարքոզիի օրով   ի յայտ եկած այս բարդութիւնները յաղթահարելու իր նոր ջանքերը...