Ատրպէյճան Ռուսասատանէն խնդրած է Կասպից ծովու իր նաւատորմին մէկ մասը Աստրախանէն եւ Մախաչկալայէն տեղափոխել Պաքու:
Ատոր պատճառն է նաֆթի վերամշակման ա-տըրպայճանական ծովային շարք մը կէտերուն թիրախ հանդիսանալը Թիւրքմէնիստանի ռազմածովային ուժերուն կրակոցներուն: Լուրը հաղորդած է eurasianet.org կայքը՝ ուաշինկթընցի անկախ լրագրող Ճոշուա Գուչերա, իր կարգին որպէս աղբիւր նշելով ռուսական ostkraft.ru կայքէջը: Ըստ ostkraft-ի՝ Մոսկուայի պատասխանը դեռ յայտնի չէ: Պաքուն՝ Ռուսաստանի Կասպեան նաւատորմի գլխաւոր խարիսխը եղած է մինչեւ 1991: Լրագրողը կը նշէ սակայն, որ նշեալ տեղեկութեան պէտք է մօտենալ վերապահութեամբ, նկատի առնելով, որ անոր աղբիւրները շատ յստակ չեն: Աւելին՝ քիչ հաւանական է, որ Ալիեւ Ռուսաստանին նման լուրջ խնդրանք ներկայացուցած ըլլայ, քանի որ երկար ժամանակի վրայ՝ Ալիեւի համար աւելի անհանգըստացնողը կ'ըլլայ Ռուսաստանը, քան թէ Թիւրքմէնիստանը, քանի որ ռուսական նաւատորմին վերստին Պաքու հաստատուելու պարագային, աւելի վերջ զայն հոնկէ հեռացնելը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ...