Թուրքիոյ մէջ հայ եւ յոյն համայնքներուն վերաբերող բոլոր հրապարակումներուն մօտաւորապէս 25 տոկոսը ուղղակի ատելութիւն կը սերմանէ անոնց դէմ, մինչ քրիստոնեաներու վերաբերեալ լուսաբանումներուն պարագային՝ այդ համեմատութիւնը 18 տոկոս է: Այս եզրակացութեան հասած է Հրանդ Տինքի ան-ւան հիմնադրամին կողմէ կատարուած մէկ ուսումնասիրութիւնը, ըստ որուն՝ հայկական եւ յունական համայնքները ամենաշատ յաճախականութեամբ յարձակումներու կ՛ենթարկուին թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Ուսումնասիրութեան ընթացքին քննուած են անցեալ տարուան վերջին հինգ ամիսներու լրատուական հրապարակումները: Ուսումնասիրութեան արդիւնքը ամփոփող զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ ատելութիւն պարունակող հրապարակումները ուղղուած են ոչ միայն կրօնական կամ ցեղային փոքրամասնութիւններու, այլեւ միասեռականներու, կանանց եւ այլ փոքրամասնութեանց: Ամէնէն աւելի Պոլսոյ մէջ տարածուած են ատելութիւն սերմանող խօսքերը: Լրատուական դաշտին վրայ, ատելութիւն սերմանող հրապարակումները կազմած են ընդհանուրին 42 տոկոսը: