Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Տերսիմ նահանգի (Թունճելի) բնակիչները առաջին անգամ ըլլալով ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած անմեղ հայերու յիշատակը: Ապրիլ 24ին օրը բնակարաններու պատուհաններուն եւ պատշգամներուն վրայ սեւ դրօշակներ զետեղուած էին, որպէս սուգի նշան:

Շրջանը գտնուեցաւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի նախկին ուսուցչուհի Գուին Մինասեան, որ կապ հաստատելով «Ազատ Օր»ին հետ հաղորդեց թէ Ապրիլ 24ի օրը, կէսօրուան ժամը 12ին, 50-70 հոգիի շուրջ համախմբած հաւաք մը տեղի ունեցաւ կեդրոնական հրապարակին վրայ, ուր տեղադրուած էր պաստառ մը «98ամեակ. Յարգանքի տուրք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն» գրութեամբ: Հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով գրութիւններ ընթերցուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Ժողովուրդին բաժնուեցան կարմիր մեխակներ: Մեծ էր հետաքրքրութիւնը եւ յուզումը բոլորի մօտ: