Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն այսպիսի հարցազրոյցներ

Ատանայի մէջ Կրթական Արհմիութեան (Սէնտիքա) մը կողմէ 800 ուսուցիչներու եւ 1066 աշակերտներու վրայ կատարուած հարցազրոյցի մը համաձայն աշակերտութեան 70 տոկոսը կը հաւատայ որ այս երկրին հայերը, յոյներն ու հրեաները, եթէ առիթ մը գտնեն, վնաս կը պատճառեն Թուրքիոյ։

Բազմաթիւ հարցումներու կարգին փոքրամասնութիւններու առընչութեամբ ի՞նչպիսի հարցում մը ուղղուած է աշակերտութեան, եւ ինչո՞ւ այդպիսի հարցում մը ուղղուած է, չենք գիտեր, բայց ստացուած պատասխանը եւ անկէ դուրս բերուած մեկնաբանութիւնը հետաքրքրական ու մտահոգիչ է։ Հարցազրոյցէն յայտնի դարձած է նաեւ որ, աշակերտներու 51 տոկոսը կը մտածէ որ թուրքը թուրքէն ուրիշ բարեկամ չունի։ Այս ալ բաւական խնդրական հարց է։ Աշակերտներուն ի՞նչ հարցուած է որ աշակերտները, ընդօրինակելով շարունակ մեծերու կողմէ արտասանուած այդ խօսքը, ը- սած են որ թուրքը թուրքէն ուրիշ բարեկամ չունի։ Անոնք որ շարունակ այս խօսքը կը գործածեն ու աշակերտութեան ալ կը փոխանցեն, չե՞ն անդրադառնար որ այդ խօսքին մէջ վիրաւորական շեշտ մըն ալ կայ թուրք ժողովուրդին համար։ Ո՞ր ժողովուրդը արդեօք թշնամիներու կողքին բարեկամներ ալ չունի, եւ որքա՞ն ճիշդ է անտեսել այդ բարեկամներուն գոյութիւնը։

Վերադառնալով Ատանայի մէջ կատարուած հարցախոյզին, ըսենք որ այս գործին նպատակն է վերարժեւորումի ենթարկել դպրոցական դասագիրքերը եւ տուեալներ տրամադրել Դասագիրքերու Պատրաստութեան յանձնաժողովին։ Անշուշտ հետաքրքրական ուրիշ հարցումներ ու  պատասխաններ ալ կան հարցախոյզին մէջ: Ահաւասիկ ուրիշ պատասխան մը որ այս անգամ շինիչ է։ Աշակերտութեան 71 տոկոսը կը հաւատայ որ եթէ դասարանի մը մէջ ոչ-իսլամ աշակերտ մը կայ, այդ դասարանին մէջ իսլամ կրօնքը գովաբանելն ու միւս կրօնքները նուաստացնելը Մարդու Իրաւունքներու դէմ է։ Կարելի է հարց տալ տակաւին թէ նոյնը ներելի՞ է ընել նոյնիսկ եթէ դասարանին մէջ ոչ-իսլամ աշակերտ չկայ։

Աշակերտութեան 62 տոկոսը կը պատասխանէ որ թուրքը հերոս ու զինուոր ժողովուրդ է։ 36 տոկոսը կը հաւատայ որ կրթութիւնը կիներէ աւելի այրերու համար ի զօրու է։ 61 տոկոսը կը հաւատայ որ մտածումը յանցանք պէտք չէ նկատուի։ Եւ ահա ուրիշ հետաքրքրական նիւթ մը։ Աշակերտութեան 25 տոկոսը կը հաւատայ որ պետութեան շահերուն համար կարելի է զոհել անհատը։

Աշակերտութիւնը դէմ է դպրոցէ ներս ծեծի ու պատիժի։ Արդարեւ աշակեր- տութեան 68 տոկոսը կը պնդէ որ մարդու իրաւունքներու ներհակ է դպրոցին մէջ ծեծն ու պատիժը։