Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ցեղասպան մահմետական երկիրը կը զգուշացնէ ցեղասպանութեան մասին, եթէ Եւրոպան չընդունի մուսուլմանները» խորագրով լոյս տեսած է Front Page Mag պարբերականը:

Գրութեան մէջ կը նշուի թէ «Թուրքիան ոչ միայն կը հերքէ որ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է քրիստոնեաներու հանդէպ, այլ կը ստէ եւ կը բանտարկէ իր այն քաղաքացիներուն, որոնք նոյնիսկ կը յիշատակեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլ վերջերս յայտարարած է, թէ քանի դեռ Եւրոպան հանդուրժողական չէ բոլոր կրօնական համայնքներուն նկատմամբ, միջնադարձեալ հալածանքներու, Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան նման իրադարձութիւնները պիտի շարունակուին...:

Պարբերականը կը գրէ թէ «Թուրքիան ոչ միայն կը հրաժարի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ Թուրքիոյ «աւազակ» առաջնորդը կը սպառնայ հայերու դէմ ազգայնական զտումներ իրականացնել, եթէ անոնք շարունակեն բողոքել»: