Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու հողերը գրաւած ըլլալու համար

Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինչպէս նաեւ այդ երկրի երկու  հզօրագոյն դրամատուներ՝ Կեդրոնական եւ Գիւղատնտեսական դրամատուները՝ ամերիկեան դատարանի առջեւ պիտի կանգնին, հայերու կողմէ ամբաստանութիւններ դիմագրաւելու համար:

Նոր հաղորդուած ԱՄՆ շրջանային դատարանի որոշումի հիմամբ՝ դատաւորը վճռած է, որ դաշնային դատական համակարգը իրաւասո՛ւ է պատասխանատուութեան ենթարկելու թրքական դրամատուները՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու հողերը գրաւած ըլլալու ամբաստանութեամբ։ Ուրեմն ճամբան բացուած է գործը դատարան ներկայացնելու համար։

Յիշեցնենք, որ 2010 թուականէն Ցեղասպանութեան զոհերու 3 ժառանգորդներ դատական դիմում ներկայացուցած էին՝ պնդելով, թէ 1915թ.-ին Ատանայի մէջ գտնուող իրենց հողատարածքները բռնազաւթուած են: Դատական դիմումի հիմամբ կը պահանջուէր 63.9 միլիոն տոլարի փոխ հատուցում՝ Ատանայի մէջ առգրաւուած կալուածներուն համար, ուր կառուցուեցաւ եւ հետագային շահագործման յանձնուեցաւ ամերիկեան ռազմական «Ինջիրլիք» կայանը։ Թուրքիան օրին արհամարհած էր դիմումները...

Ըստ փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ ամերիկեան դատարանի ամիս մը առաջ կայացած որոշումը յաղթանակ մը եղած է, երբ դատարանը համաձայն գտնուած է հայ բողոքողներու այն պնդումներուն, որ թրքական դրամատուները կրնան դատապարտուիլ 1915ի կոտորածներու ընթացքին Հայոց ունեցուածքի գրաւման յանցանքով, քանի որ այս հարցը ուղղակի կապ ունի Մարդկային իրաւանց բռնաբարման հետ:

Իսկ թրքական այդ դրամատուներուն դէմ, 2010ին, Լոս Անճըլըսի դատարանին մէջ դատ բացած էին Ալեքս Պալաքեան եւ Կարպիս Տաւոյեան: Անոնք կը բողոքէին, որ 1915ի Ցեղասպանութեան ժամանակ թրքական կողմը ապօրինաբար խլած էր իրենց պատկանող հողը, կալուածները եւ յետագային ալ օգտուած էր անոնց բարիքներէն, երբ օսմանեան զօրքերը քշած էին իրենց հարազատները՝ Ատանայէն եւ Թուրքիոյ այլ վայրերէն: