ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ նոր տեղեկութիւններ հրապարակուած են Սուրիոյ մէջ շարունակուող զինեալ բախումներուն ընթացքին զոհուած վարձկան ատրպէյճանցիներու մասին, ինչպէս նաեւ՝ անոնցմէ ոմանց լուսանկարները:
«Ազերիփրէս» կը հաղորդէ, թէ մինչեւ այսօր, Սուրիոյ մէջ սպաննուած են իսլամ ծայրայեղականներու ընդդիմութեան կողքին կռուող երեսունէ աւելի ատրպէյճանցի զինեալներ: Անոնց անունները չեն նշուած: