Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս», «Նիուզ».- Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, Մարտ 31ին, Ս. Զատկուան առիթով հաւաք մը տեղի ունեցած է՝ առանց Ս. պատարագի մատուցման: Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, անցեալ Նոյեմբերին, գրեթէ դար մը լռութենէ ետք, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ զանգը դարձեալ հնչած էր, հոն տեղի ունեցած նորոգութիւններէն ետք:
Սակայն, թրքական «Ռատիքալ» թերթը կը գրէ, թէ Ս. Զատկուան օրը հաւատացեալներ Ս. Կիրակոս եկեղեցին հաւաքուեցան, բայց հոգեւորականի չգոյութեան պատճառաւ՝ արարողութիւն չկատարուեցաւ։
Այս առաջին անգամն էր, որ Ս. Զատիկը նշուեցաւ ամբողջովին վերանորոգուած համալիրին մէջ: