Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

 Պոլսոյ Պիլկի համալսարանի ընկերաբանութեան եւ կրթական աշխատանքներու բաժանմունքը կազմակերպած է գիտաժողով «Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու դպրոցները եւ փոքրամասնութիւններու կրթական իրաւունքը. անհաւասարութեան եւ վերանալու դէմ հարիւրամեայ պայքար» թեմայով:

Պոլսոյ հայկական վարժարանի մէջ աշակերտուհի
(Լուսանկարը՝ «Ազատ Օր»ի աշխատակից Լէոնիտաս Թումպանոսի)

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը վկայակոչելով bianet.org լրատուական կայքը: Գիտաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու դպրոցներու խնդիրներուն եւ պահանջներուն, Փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու միջազգային խումբի (MRG) Թուրքիոյ գիծով համակարգող Նուրճան Քայեան յայտարարած է, որ Օսմանեան պետութեան ժամանակաշրջանին փոքրամասնութիւններու 2596 դպրոցներէն ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ընդամէնը 22 դպրոց կը գործէ: Ան ըսած է, որ թրքական «Պատմութեան հիմնադրամի» աջակցութեամբ փոքրամասնութիւններու դպրոցներու հետ կապուած ուսումնասիրութիւններ կատարած են, որու արդիւնքներու հիման վրայ կազմուած զեկոյցը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին:

«Թուրքիոյ մէջ ներկայիս ընդամէնը 16 հայկական, 5 յունական եւ մէկ հրեական դպրոց կը գործէ: Թէեւ փոքրամասնութիւններու դպրոցները մասնաւոր եւ օտարներուն պատկանող չեն, սակայն անոնք իրենց կարգավիճակի վերաբերեալ օրէնսդրութիւն չունին եւ կը յիշատակուին միայն իրենց անուններով: Ըլլալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներ՝ այդ մարդիկ սեփական երկրին մէջ որպէս «պատանդ» կ'ապրին»,- ըսած է ան:

Ինչպէս անցեալին ալ գրած ենք, այդ դպրոցներուն մէջ պարտադիր է ազգութեամբ թուրք փոխ տնօրէնի պաշտօնը, իսկ դպրոցի տնօրինութիւնը զրկուած է ուսուցիչներու ընտրութենէն: Այստեղ հիմնական խնդիրներն են՝ կարգավիճակը, ուսումնական ծրագիրները, խտրականութիւնը: «Թուրք փոխ տնօրէնի առկայութիւնը կ'ընկալուի որպէս լրտեսում, թրքերէնի ուսուցիչները կ'ընտրուին նախարարութեան կողմէ, ինչ որ մնացածներուն մօտ անհաւասարութեան եւ անվստահութեան զգացում կը յառաջացնէ: Դպրոցներու դասագիրքերէն կը բացակային փոքրամասնութիւններու մշակոյթի եւ պատմութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ, եւ հայերուն ու յոյներուն ուղղուած ռասիստական եւ խտրական արտայայտութիւններ կան: Այդ դպրոցներու հիմնական պահանջներն են ուսումնական ճիշդ ծրագիրներ, կարգավիճակի վերաբերեալ օրէնսդրական փաթեթ, ուսուցիչներու եւ դասագիրքերու պակասի լրացում: