Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները որոշած են միաւորուիլ ու համատեղ ուժերով պայքարիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջներուն դէմ.

այս մասին ատրպէյճանական «Սալամ Նիուզ» լրատուական գործակալութեան հաղորդած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Իսմայիլ Սաֆինը:

Ըստ անոր՝ սոյն կազմակերպութիւնները կը ծրագրեն շարք մը երկիրներու մէջ համատեղ միջոցառումներ կատարել Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին առիթով:

«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական մարմինները պէտք է համատեղ պայքարեն այդ քաղաքականութեան դէմ, իսկ գործընթացին մէջ պէտք է ներգրաւուին նաեւ երկու պետութիւններու հասարակութեան բոլոր շերտերը», ըսած է ան: