Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին Ատրպէյճանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հատուածէն ներս մահացած են առնուազն 21 զինծառայողներ

 Ատրպէյճանի ռազմական հետազօտութիւններու «Տոքթրինա» կեդրոնը բացայայտած է, թէ այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին Ատրպէյճանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հատուածէն ներս մահացած են առնուազն 21 զինծառայողներ:
Ըստ ատրպէյճանական «avropa.info» լրատուական կայքին՝ նշեալ ժամանակաշրջանին նաեւ 14 զինծառայողներ վիրաւորուած են: Զոհուածներէն 17ն մահացած են ոչ մարտական պայմաններու մէջ: Նաեւ, անյայտ պատճառով մահացած է ռազմական վարժարանի մը ուսանողը, որ ցուցակին մէջ նշուած է առանձնաբար, քանի որ ան տակաւին զինծառայողի կարգավիճակ չէր ստացած: Իսկ զոհերէն չորսը անձնասպանութեան դիմած են: Զոհերէն 17ն՝ պաշտպանութեան նախարարութեան անդամ եղած են, իսկ միւս չորսը՝ պետական սահմանային ծառայութեան, ներքին զօրքերու, Զօրակոչի պետական ծառայութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան զինծառայողներ: