Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Տիարպէքիրի Քուլփ գիւղաքաղաքի մերձակայ Արկիւն գիւղին մէջ գտնուող հայոց պատմական եկեղեցին մզկիթի վերածուեցաւ։

Ծրագիրը նախապէս ալ օրակարգի եկած էր, սակայն, Մշակոյթի նախարարութիւնը չէր արտօնած նման փոփոխութիւն։ Անցնող եօթը տարիներու ընթացքին սակայն, փլուզուած է նաեւ արդէն կիսափուլ եկեղեցւոյ կարեւոր մէկ մասը։ Այս մասին Արկիւն գիւղի Զօրակցութեան եւ Իրարօգնութեան Միութեան նախագահ Ֆահրի Ասլան «Ակօս»-ին տեղեկութիւններ փոխանցեց, թէ շրջանի ժողովուրդը հակազդած է այս շինութեան, բայց ան շարունակուած է «Կիւլէն» համայնքի զօրակցութեամբ։ Ասլան յայտնեց նաեւ, թէ՝ «Եկեղեցին նախապէս կնքուած էր Տիարպէքիրի յատուկ վարչութեան կողմէ, բայց Քէրէմ Էմրէ եւ Մեհմէտ Էմին Թէլ անուն անձերը, վայելելով Կիւլէն համայքի ալ զօրակցութիւնը, փըլցուցին եկեղեցին եւ տեղը մզկիթ կառուցանեցին։ Գաւառապետը եւ դատախազն ալ տէր կանգնեցան այս անձերուն։ Շինութեան ժամանակ մօտակայ հայկական գերեզմանատունէն մարդկանց ոսկորներ դուրս եկան։ Տեսանք որ ոսկորները աւելի ետք գետափը նետած են։ Մենք դատ բացինք կատարուածներուն դէմ եւ կը սպասենք դատին արդիւնքը»։

Իսկ միւս կողմէ, Կիւլէն համայքի մօտիկ շրջանակներ ալ կը մերժեն այս պնդումները, եւ եղելութիւնները կը վերագրեն  գիւղի երկու ընտանիքներու միջեւ առկայ թշնամութեան։