Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ նորակազմ խորհրդարանը անվաւեր հռչակեց Հոկտեմբեր 2009ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագիրը։
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնք պէտք է քննարկուէին Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին կազմին կողմէ, իրենց իրաւական ուժը կորսնցուցած կը նկատուին, ուստի դուրս բերուած են խորհրդարանի օրակարգէն:

Ինչպէս յայտնի է, պարզապէս Թուրքիոյ խորհրդարանի կանոնակարգի պատշաճեցման հարց է, քանի որ նշեալ համաձայնագրին քով անվաւեր նկատուած են 898 օրինագիծեր եւս։ Այսինքն՝ այն բոլոր օրինագիծերը, որոնք չէին հաստատուած արդէն՝ անվաւեր նկատուած են նոր ընտրուած խորհրդարանին կողմէ. այսուհանդերձ նախարարաց խորհուրդը եւ երեսփոխանները լիազօրութիւնը ունին վերստին օրակարգի բերելու այն օրինագիծերէն որեւէ մէկը։
Նկատի առնելով թուրքերու մեծ վարպետութիւնը դիւանագիտական ասպարէզին մէջ եւ անցեալի փորձառութիւնները, բնաւ զարմանք պէտք չէ պատճառէ այս պատահածը, ոչ ալ անակնկալ, քանի որ համաձայնագրի ստորագրութեան օրէն ի վեր, թուրք դիւանագէտները բացայայտ կը դարձնէին թէ համաձայնագիրը պարզապէս Հայկական Հարցին մէջ ժամանակ շահելու նպատակ կը հետապնդէր։