Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Սամաթիոյ մէջ չարագործական այն դէպքերը, որոնք ծնունդ առին 85ամեայ Մարիձա Քիւչիւքի սպանութեամբ եւ երեք հայ կիներու դէմ գործուած յարձակումներով, լուսաբանութեան նոր փուլի մէջ մտան Մուրատ Նազարեանի ձերբակալութեամբ:

Միայն թէ ներկայիս Սամաթիացիները շատ անհանգիստ են եւ հարց կուտան թէ քանի որ հայ է, չարագործը ինչո՞ւ թիրախ ընտրած է հայերը եւ ո՛չ թէ տեղացիները կամ օտարները: Անոնցմէ շատեր կը յայտնեն թէ իրենք բնիկ Սամաթիացիներ են եւ եւ երբեք չեն ճանչնար այդպիսի անձ մը:

«Մարմարա» օրաթերթը կը յայտնէ թէ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիր յայտնած է որ ինք անձնապէս չի ճանչնար այդպիսի անձ: Սամաթիացի ժողովուրդն ալ չի ճանչնար զայն: «Անձնապէս ճանչցողներ ալ չկան: Համայնքին հետ խօսելու առիթը չգտանք թէեւ, բայց անպայման թաղեցի հայերը լայն շունչ մը առին, երբ ձերբակալուեցաւ չարագործը», ըսաւ Տէմիր:

Իսկ Սուլթան Այքար, որ չարագործին թիրախ դարձած էր, ըսաւ թէ «կ'ըսեն թէ ան հայկական ծագում ունի: Ինչ ուզէ թող ըլլայ: Ան թող կրէ իր պատիժը»:

Թրֆանտա Աշըգ, որ նոյնպէս չարագործին զոհ դարձած էր, կորսնցնելով իր մէկ աչքը, յայտնեց թէ ուրախ է որ ձերբակալուած է չարագործը, սակայն յուզուած է իմանալով թէ ան հայ մըն էր: «Պիտի հետապնդեմ դէպքը: Այդ անունը առաջին անգամ լսեցի: Մենք մեր միջեւ կը պրպտենք այս նիւթը: Շնորհակալ ենք ոստիկանութեան որ երեւան հանեց չարագործը, բայց անոր հայ ըլլալու պարագան խառնեց մեր միտքը: Ես բնիկ սամաթիացի եմ, բայց չեմ ճանչնար այս անձը», ըսած է ան: