Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Ֆաթիհ թաղամասէն ներս ձերբակալած է 40-ամեայ Միւրաթ Ն. անունով անձ մը, քաղաքի Սամաթիա արուարձանէն ներս հայ տարեց կիներու դէմ գործուած յարձակումներու ամբաստանութեամբ:

Hurriyet օրաթերթի վկայութեամբ՝ Միւրաթ Ն.-ն հայկական ծագում ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացի մըն է եւ ձերբակալուած է որպէս կասկածեալ հինգ յարձակումներու համար, որոնցմէ մէկը՝ մահացու ելքով։ Վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ, Hurriyet կը գրէ, որ կասկածեալը մինակ կ'ապրէր եւ կÿենթադրուի թէ յարձակումները գողութեան նպատակով կատարած է:

Hurriyet Daily News-ի փոխանցմամբ՝ ոստիկանութիւնը ոչ հաստատած եւ ոչ էլ հերքած է ձերբակալութեան փաստը։

Յիշեցնենք, որ երկու ամիս առաջ Սամաթիայի մէջ դաժանաբար սպաննուած էր 85-ամեայ Մարիցա Քիւչիւքը, յարձակումներու այլ դէպքեր եւս արձանագրուած էին այլ թաղերու մէջ: