Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պաշտօնական Պաքուն բողոքի նամակ  յղեց Թեհրանին՝ Իրանի զինուած ուժերու գըլխաւոր շտապի պետ Հասան Ֆիրուզաբադիի յայտարարութիւններուն համար:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուական գործակալութիւնները՝ վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան, նամակը   փոխանցուած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական   գերատեսչութիւն հրաւիրուած Իրանի դեսպան Մահոմեդբաղիր Բահրամիին:


Ատրպէյճանը Իրանէն կը պահանջէ ամենակարճ ժամկէտներու մէջ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել ապագային նման յայտարարութիւնները կանխելու եւ թոյլ չտալու նպատակով, ինչպէս նաեւ պարզաբանել տեղի ունեցածը:
Ինչպէս անդրադարձանք երէկուան մեր թիւով, Իրանի զինւած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը  խըստօրէն քննադատած էր Ատրպէյճանի կառավարութիւնը՝ «իսլամական սկզբունքներուն դէմ գացող  միջոցներ ձեռնարկելու համար»: Ան սպառնացած էր, թէ Ատրպէյճանի նախագահը պէտք է իմանայ, որ ժողովուրդի զարթօնքը կարելի չէ  ճնշել, եւ աւելցուցած  որ՝ Իլհամ Ալիեւին մռայլ ճակատագիր կը սպասէ, եթէ ան նկատի չÿառնէ իր նախազգուշացումը:
Ֆիրուզաբադիի յայտարարութիւնները այսօր  քննադատեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Պոլուխովը: