Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սկիզբի նախօրեակին: Ու որքան կը մօտենայ այս ժամկէտը, այնքան կը շեշտուի յուսահատութիւնը մեր պատմական թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մօտ:
Արդարեւ, թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Ատրպէյճանը հետզհետէ առաւել շեշտակիօրէն կը բախին փակ դռներու՝ իրենց յերիւրանքները տարածելու համար, Հայոց ցեղասպանութեան հերքումին թէ Խոջալուի մէջ այսպէս կոչուած «ջարդ»-ի մեղադրանքը հայոց վրայ բարդելու առումով:
Փաստօրէն, անցնող քանի մը շաբաթներուն դէպքերը վերյիշենք, կը նկատենք, թէ ատրպէյճանցիներուն յուսահատութիւնը զիրենք կը մղէ աւելի վայրագօրէն հակադարձելու: Մինչ Թուրքիա, աւելի խորամանկ դիւանագիտութեամբ, կը փորձէ իր վարկին «երեսին ջուրը փրկել», յաչս միջազգային հանրային կարծիքին, ինչ որ կրնայ զինք մղել երկխօսութեան նստելու հայկական պատկան կողմերուն հետ՝ Հայոց ցեղասպանութեան «հարց»-ի լուծման գծով:
Օրինակ, Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել Թուրքիա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին ըսած էր. «Թուրքիոյ կրնայ «միացման» առիթ տրուիլ Եւրոպական Միութեան, բայց ոչ անդամակցութիւն»: Իսկ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գծով ատրպէյճանցիները բուռն պայքար կը մղեն հակազդելու այս ուղղութեամբ տարուող ճիգերուն, փոխադարձաբար անհիմն զրպարտութիւններ կ՛ընեն հայոց դէմ, այսպէս կոչուած «Խոջալուի ջարդ»-ին կապակցութեամբ:
Վերջին օրինակը այն է, որ Չեխիոյ խորհրդարանին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս յայտնած է, թէ առնչակից չէ խորհրդարանի յարաբերական յանձնախումբին տուած որոշումին՝ «Խոջալուի ջարդ»-ի դատապարտումին գծով, ուր ատրպէյճանական սադրանքով հայերուն դէմ մեղադրանք կ՛ուղղուէր: Ընդհակառակը հայկական կողմը դրական պատասխան ստացած է չեխերէն՝ Խոջալուի դէպքը քննելու անգամ մը եւս, այս անգամ՝ հայկական դիտանկիւնէն: