Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ ԿԱՅՈՒՆ Է

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը, որ ինչպէս ծանօթ է երկար ժամանակէ ի վեր խնամքի տակ առնուած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցէն ներս, իրեն յատկացուած սենեակի մէջ, վերջին օրերուն տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժանմունք:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Ակօս»էն, Մեսրոպ արքեպիսկոպոսի վիճակը ծանրացած է. ան բարձր ջերմութիւն եւ արեան ճնշման կտրուկ անկում ունեցած է: Պատրիարքարանի պաշտօնական կայքէջէն տեղեկութիւն կը տարածուի, որ պատրիարքի առողջական վիճակը այժմ դէպի լաւ կþերթայ: Ան վերակենդանացման բաժանմունք պիտի մնայ մի քանի օր՝ արեան ճնշման կարգաւորման համար։