Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Լեռնային Ղարաբաղի   պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ անցնող օրերուն ընթացքին հակառակորդ կողմը աննախադէպ աշխուժութիւն դրսեւորած է շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ։ 

Ատրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ ղարաբաղեան  դիրքերու ուղղութեամբ արձակած են 1500-էն աւելի կրակոցներ: Յիշեցնենք, որ հայ զինուոր մը զոհ գացած է սահմանի գիծին վրայ։ Որքան ալ սովորական ըլլան այս կրակոցները քաջարի բնակիչներուն համար, այսուհանդերձ առօրեան կը խախտուի։