ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի բանակը «լայնածիր զօրավարժութեան սկսած է ճակատային գիծին վրայ», հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները։
ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր «ռազմական աղբիւրները», կը փոխանցէ, որ զօրավարժութիւնները կը կատարուին «ճակատի» Թերթերու հատուածին մէջ: Նոյն վայրին մասին կը խօսի նաեւ «1news.az» համացանցային պարբերականը՝ յղում կատարելով տուեալ շրջանին մէջ իր թղթակիցին:
Ըստ «1news.az»ին, զօրավարժութիւններուն մէջ ներգրաւուած են զօրամասերու անձնակազմը եւ զրահապատները:
Ըստ ԱՓԱի, մինչեւ այս շաբթուան աւարտը տեւելիք զօրավարժութիւններուն կը հետեւին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները։
Միւս կողմէ, պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, 3-9 Փետրուարին ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու հանդիպման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ արձանագրուած է զինադադարի շուրջ 250 խախտում, որոնց ընթացքին տարբեր տիպի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1100 կրակոց:
«Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը, հաւատարիմ մնալով հրադադարի պահպանման ռեժիմին, շփման գծի ողջ երկարութեամբ վստահօրէն իրականացրել են մարտական հերթապահութիւն», յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը։