Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսոյ անչափահասներու երկրորդ դատարանը, որ դատավճիռ արձակած էր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի նկատմամբ, Թոքաթ նահանգէն ստացուած հրահանգի մը հիման վրայ գաղտնի վկայի ցուցմունքները լսած է:

Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու տեղեկացուցած է, թէ գաղտնի վկային ու անոր հաղորդած տեղեկութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած՝ վկային ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:

Գաղտնի վկային տուած ցուցմունքը կրնայ փոխել դատավարութեան ընթացքը, որովհետեւ վկան այն համոզումը ունի, թէ Սամասթ գաղտնի խըմբաւորման մը անդամ է: «Կրնամ միայն ըսել, որ գաղտնի վկայէն կէս էջնոց վկայութիւն եւ հինգ էջնոց նամակ կցուած է դատական գործին», ըսած է փաստաբանը:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ հինգ էջնոց նամակի մը մէջ վկան նշած է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ կազմակերպուած խմբաւորման մը ձեռքին գործն է, եւ այդ մասին մանրամասն տեղեկութիւններ բացայայտած է:

Վկային ցուցմունքը փոխանցուած է Տինքի սպանութեան գործով դատախազ Մուամմեր Աքքաշին: