Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական «ծանօթ» ...քաղաքակրթութեան հետքերով

 «Թուրան» կը գրէ թէ Ատրպէյճանի «Ժամանակակից Մուսաւաթ» կուսակցութեան առաջնորդ Հաֆիզ Հաճիեւ յայտարարած է, որ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը որոշած է հայկական ջարդերու մասին «Քարէ երազներ» հատորի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի ականջը կտրողը պարգեւատրել 10 հազար մանաթով։

«Այդ վէպով, ան վիրաւորած է ատրպէյճանցիները՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ վայրենիներ: Այդ պատճառով, որոշեցինք, թէ Այլիսլիի նկատմամբ ընդունուած միւս բոլոր պատիժները բաւարար չեն, եւ անհրաժեշտ է կտրել անոր ականջը: Այդ որոշման իրագործումը յանձնարարուած է կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամներուն: Որոշումը բեկանման ենթակայ չէ, եւ պէտք է իրագործուի», յայտարարած է ...«քաղաքակիրթ» ղեկավարը: