Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ թէ մօտաւորապէս 15 օր առաջ Պոլսոյ մէջ գազանաբար սպաննուած հայուհի Մարիձա Գիւչուքի բնակարանին կից, գողութիւն մը տեղի ունեցած է։

Երբ ոստիկանութիւնը վրայ հասած է, տեղւոյն վրայ թուղթ մը յայտնաբերած է, ուր գրուած էին «Ես էի ոճրագործը» խօսքերը։

Ոստիկանութիւնը կ'ըսէ թէ քննութիւն կը կատարուի շրջանին մէջ գտնուող տեսախըցիկներու երիզներուն կապակցութեամբ։

Երթ՝ ընդդէմ Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ կատարուող բռնութիւններուն

Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը միանալով «Երիտասարդ դիւանագէտների ակումբ» հասարակական կազմակերպութեան յայտարարութեան, կը դատապարտէ Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ կատարուող բռնութիւնները եւ կոչ կ'ուղղէ երիտասարդութեան՝ համախմբուած կերպով միանալ նախաձեռնութեան ու անտարբեր չմնալ դարեր շարունակ հայութեան դէմ Թուրքիոյ վարած վայրագ քաղաքականութեան։

Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը մեր իրաւունքները պաշտպանելու կոչով հանդէս կուգայ, ըսելով թէ «պահանջենք ՄԱԿ-ից, ԵԽ-ից, ԵՄ-ից եւ միջազգային միւս իրաւապաշտպան կառոյցներից չթաքցնել թրքական իշխանութիւնների վայրագութիւնները եւ զբաղուել իրենց իրական առաքելութեամբ, այլապէս նրանք դրանց անմիջական մասնակիցն են դիտւում», գրուած է յայտարարութեան մէջ։

Երթը տեղի կ'ունենայ այսօր, կէսօրուայ ժամը 12.00-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն։