Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարտին նահանգէն ընտրուած անկախ երեսփոխան, Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ քիւրտ անդամ Ահմեթ Թուրք յայտարարած է, որ 1915-ին քիւրտ ժողովուրդն ալ հայերուն դէմ դաժան վարուած է, որուն համար ինք ներում կը հայցէ:

«Մենք՝ իբրեւ անոնց զաւակները եւ թոռները, ներում կը հայցենք», ըսած է Թուրք եւ նշած, որ իր օրինակին պէտք է հետեւի նաեւ Թուրքիան եւ ներում հայցէ հայ, ասորի եւ եզիտի ժողովուրդներէն:

Ան յայտնած է, որ 1915-ին հայերը շատ ցաւեր տեսած են: Ան յայտարարած է, որ 1915-ին քիւրտերը օգտագործուած են հայերուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ կոտորածներ իրագործելու համար:

«1915-ին հայերը շատ ցաւեր տեսած են: Ատոր մէջ քիւրտերն ալ իրենց բաժինը ունին: Մեր պապերը, հայրերը օգտագործուած են թէ՛ հայերուն, թէ՛ եզիտիներուն, թէ՛ ասորիներուն դէմ: Անոնց ձեռքերն ալ արիւնոտ են: Մենք‘ իբրեւ անոնց զաւակներն ու թոռները, ներում կը հայցենք: Ներում ստանալը, կարծիքովս, կարեւոր է: Թուրքիան ալ պէտք է հայերէն, եզիտիներէն եւ ասորիներէն ներում հայցէ: Եթէ այդ դէպքերը մինչեւ հանրապետութեան ստեղծումը տեղի ունեցած են, ապա ի՞նչը կը խանգարէ ներում հայցելու», ըսած է ան: