Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Նկատի ունենալով առանձին ապրող տարեց հայուհիներուն եւ անոնց հարազատներուն մտահոգութիւնը՝ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ընդունած է որոշում մը:

Դիտել տալէ ետք, թէ Հոգաբարձութիւնն ալ անձկութեամբ կը հետեւի դէպքերու զարգացումին՝ կը հաղորդուի, թէ հիւանդանոցը պատրաստ է իր միջոցները տրամադրելու բոլոր անոնց, որոնք պաշտպանութեան կարիքը կը զգան։ Հիւանդանոցը զանոնք իր երդիքին տակ պիտի հիւրընկալէ, մինչեւ որ խնդիրը ամբողջովին լուսաբանուի։

 

ՔԻՒՐՏ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՈՒՀԻՆ ԿԸ ԶԵԿՈՒՑԷ ՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Քրտամէտ BDP՝ Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութեան համանախագահուհի Կիւլթան Քըշանաք, կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նիստին ընթացքին զեկուցում մը ունեցած է պոլսահայ տարեց կիներու վերջերս ենթարկուած յարձակումներուն նիւթով: Ան իր տարակարծութիւնը յայտնած է իշխանութիւններու այն վարկածին հետ, թէ այդ արարքները պարզապէս գողութեան հետ աղերս ունին: Քըշանաք, տալով որոշ տուեալներ, ըսած է, թէ ինք համոզուած է, որ այդ արարքները ցեղապաշտական բնոյթ կը կրեն:

Երեսփոխանուհին, ներկայի զարգացումներէն՝ խօսքը տանելով անցեալի դէպքերուն, ըսած է. «Շատ լաւ գիտենք, թէ ինչպիսի՛ աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի հայերը սրբուին այս երկրէն, թէ ինչպիսի՛ սպանդներու ենթարկուեցան անոնք, եւ թէ ասիկա մօտիկ անցեալի արիւնող վէրքն է։ Հիմա այս երկրին համար ամօթ է, որ այլեւս փոքրիկ թիւ մը մնացած հայերու կեանքի ապահովութիւնն իսկ չերաշխաւորուի։ Տակաւին չտեսանք, որ պատկան մարմինները կամ կուսակալութիւնը լուրջ քննութիւն մը կատարէ եւ լուսաբանութիւն մը ընէ։ Ասիկա ամօ՛թ է երկրին համար։ Արդէն անմոռանալի ցնցումներ ապրած փոքրաթիւ հայ հայրենակիցներու տարեց կիները չենք կրնար պաշտպանել, ասիկա ամօ՛թ մըն է։ Ամէն մարդ պէտք է թեւ-թիկունք ըլլայ անոնց։ Մենք, իբրեւ Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութիւն, խստօրէն կը դատապարտենք այս յարձակումները եւ կþըսենք, որ երբեք առանձին պիտի չձգենք մեր հայ հայրենակիցները։ Հետապնդողը պիտի ըլլանք այս յարձակումներուն»։

Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկահայերը Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղեն Դատապարտելու Թուրքիոյ Մէջ Հայ Կիներուն Դէմ Կատարուած Յարձակումները

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ երիտասարդներ անցնող շաբաթավերջին լուռ բողոքի ցոյց մը կատարած են Ուաշինկթընի մէջ: Անոնք հաւաքուած են Ծերակոյտի շէնքին մօտ եւ ամերիկացի քոնկրեսականներուն կոչ ուղղած են դատապարտելու վերջերս Թուրքիոյ մէջ հայ կիներուն դէմ կատարուած յարձակումները:

«Այս ցոյցը շատ կարեւոր է, որովհետեւ մենք այս ձեւով ամերի-կեան հասարակութեան կը ծանօթացնենք Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հակահայ տրամադրութիւնները, որոնք սկիզբ կ՛առնեն Հայոց ցեղասպանութենէն», յայտարարած է ցոյցի կազմակերպիչ Արմէն Սահակեան:

Բողոքի ցոյցին մասնակցած են նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Ցոյցին մասնակիցները պարզած են վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ յարձակումի ենթարկուած կիներուն լուսանկարները եւ, ի նշան բողոքի, կարմիր ժապաւէններով կապած իրենց բերանները: