Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը նախատեսէ 24 Ապրիլին Հայաստան այցելել:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցին, դեսպանը ըսած է, որ այդպիսի տեղեկութեան տարածումը հայկական լրատուամիջոցներու շահարկումներու արդիւնք է:

Յիշեցնենք, որ տեղեկութիւնը տարածած էր թրքական «Հիւրրիյեթ Տէյլի Նիուզ» օրաթերթը, յղում կատարելով Էլիզէ պալատի աղբիւրներուն:

 

Մամետեարով Կը Հանդիպի Ֆրանսայի Նախագահի Խորհրդականին Հետ

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցը նաեւ կը նշէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահի դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Ժան-Փոլ Օրթիզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններուն, հայ-ատրպէյճանական տագնապին եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: