Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի Իսմայիլի շրջանին մէջ սկսած ժողովրդական ապստամբութեան պատճառով, իշխանութիւնները արտակարգ դրութեան տակ դրած են շրջակայ Կէօքճայ, Ախսու եւ Շամախը շրջանները: 

Ատրպէյճանի «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախապէս ներքին ապահովութեան զօրքերը Իսմայիլլիի շրջանի գործադիր մարմինի շէնքին մօտ հաւաք-ւած ցուցարարներու ուղղութեամբ արցունքաբեր կազ օգտագործած էին եւ ռետինէ գնդակներով փամփուշտներ արձակած:

Ցուցարարները պատասխանած էին քարերով ու մահակներով: Երկու կողմերէն ալ արձանագրուած են վիրաւորներ: Քանի մը տասնեակ մարդ ձերբակալուած է: Ձերբակալեալներուն շարքին են քանի մը ընդդիմադիր գործիչներ, ներառեալ՝ ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան փոխնախագահ Թոֆիք Եաքուպլուն:

Ներքին ապահովութեան ուժերը շրջափակած են Իսմայիլլի քաղաքի մուտքերը եւ չեն արտօներ, որ որեւէ փոխադրական միջոց ներս մտնէ: Փակ են համացանցի ակումբները, իշխանութիւնները այդ ձեւով կը փորձեն արգելք հանդիսանալ, որ անկարգութիւններուն առնչուող որեւէ տեսանիւթ համացանցի վրայ յայտնուի:

Անկարգութիւնները սկսած էին 23 Յունուարի երեկոյեան, քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք: Քաղաքի բնակիչներուն պնդումով Ատրպէյճանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ֆիզուլի Ալեքպերովի որդին Իսմայիլլիի «Չիրակ» պանդոկէն դուրս եկած ատեն ինքնաշարժով հարուածած է մօտակայքը կանգնած հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժ մը: Երկու վարորդներուն միջեւ սկսած է վէճ մը, որ շուտով վերածուած է ծեծկռտուքի:

Ըստ «Քոնթաքթ.ազ» կայքէջին, հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժի վարորդին օգնութեան հասած են տեղւոյն բնակիչները եւ «լաւ մը» ծեծած են նախարարին որդին: Միջադէպէն ետք մարդիկ այրած են «Չիրակ» պանդոկը, որ կը պատկանի նախարարի ընտանիքին, փորձած են այրել նաեւ շրջանի ղեկավարին՝ Նազիմ Ալեքպերովի (նախարարի եղբօր) տունը, սակայն ձախողած են:

Արեւածագէն առաջ բողոքի ցոյցերը դադրած են. առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ մարդիկ սկսած են հաւաքուիլ շրջանի գործադիր մարմինի շէնքին մօտ: Անոնք յայտարարած են, որ տուն պիտի չերթան, մինչեւ որ շրջանի ղեկավարը հրաժարական չտայ: Որոշ ցուցարարներ նաեւ նախարարի հրաժարականը պահանջած են:

Ինչպէս ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, միջադէպը առիթ դարձած է, որ Իսմայիլլիի բնակիչները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեն երկրին ծանր վիճակին առնչութեամբ: Ցուցարարները դժգոհած են, որ սակաւապետերը բառին բուն իմաստով զիրենք կը կեղեքեն, սեփականացուցած են արօտավայրերը, արտերը, անտառները: «Մենք յոգնած ենք գործազրկութենէն, աղքատութենէն ու երկրին մէջ տիրող վախի մթնոլորտէն», «Թուրան»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ցուցարարներէն մէկը: