Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայերու վրայ կատարուած յարձակումներուն դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար թուրքերը երէկ ցոյց մը կազմակերպած են:
Վկայակոչելով հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթը՝ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երթին մասնակիցները Քոճամուսթաֆափաշա կանգառէն քալած են դէպի Սամաթիոյ հրապարակը:
«Հայ ժողովուրդի կողքին ենք, խտրականութեան ճամբայ պիտի չտանք», «Մի՛ դպչիր իմ հայ դրացիիս», «Ատելութիւնը՝ ձեզի, մարդկութիւնը՝ մեզի», գրութեամբ պաստառները իրենց ձեռքերուն ցոյցին մասնակցած են նաեւ թուրք երեսփոխաններ: Մասնակիցները մեխակներ զետեղած են 2012-ի Դեկտեմբերի վերջին սպաննուած տարեց հայ կնոջ‘ Մարիցա Քիւչիւքի տան առջեւ: Սամաթիոյ բնակիչները ցոյցը ողջունած են ծափահարութիւններով:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդկային Իրաւանց ուսումնասիրման յանձնախումբի անդամ եւ Մերսինի շրջանի երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւքչիւ Սամաթիոյ հրապարակին վրայ իր ունեցած ելոյթին ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ յարձակումները կատարուած են խտրականութեան հողի վրայ եւ ընդգծած է կատարուածին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
«Սամաթիոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Բռնարարքները Ցեղապաշտական Բնոյթ Ունին»
Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայերու դէմ տեղի ունեցած բռնարարքներուն վերաբերեալ զեկուցում մը հրապարակած է:
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ զեկուցումին հեղինակները ընդգծած են, որ բռնարարքները կատարուած են ցեղապաշտական դրդապատճառներով եւ ոստիկանութենէն պահանջած են հետաքննութիւնները ընդլայնել:
«Յարձակումներու զոհերը նման են՝ անոնք տարեց, կին եւ հայ են: Ակնյայտ է, որ հիմնական նպատակը կողոպուտը չէ: Տարեց եւ անուժ կիներ, որոնք դիւրութեամբ կրնան «վնասազերծուիլ», բռնութեան եւ ծեծի կ՛ենթարկուին», ըսած է կազմակերպութեան ղեկավար Մերալ Չըլտըր:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ լրագրողներէն մէկը տեղեկացուցած է, որ Սուլթան Այքարի յարձակումի ենթարկուելու օրը քարկոծուած է նաեւ տեղւոյն յունական եկեղեցին:
Զեկուցումին մէջ ներկայացուած են նաեւ Սամաթիոյ հայ բնակիչներու կարծիքները: «Հայ բառը իբրեւ հայհոյանք կ՛օգտագործուի: Այնքան ատեն որ «հայը» տակաւին հայհոյանք է, նման յարձակումներն ու սպանութիւնները շարունակական պիտի ըլլան: Այսօր ութսունը անց մարդիկ, վաղը՝ երեսուն, միւս օրը՝ քառասուն տարեկանները: Քանի տակաւին մեր անունը իբրեւ հայհոյանք կ՛օգտագործուի, այս միջադէպերուն վերջ պիտի չտրուի», ըսած է անոնցմէ մէկը:
Այլ բնակիչ մը նշած է. «Երբ մէկը՝ օրինակ՝ Մուսթաֆան, Օսմանին, Ահմեթին կը սպաննէ, անոր մարդասպան կը նկատեն, նոյնիսկ բանտին մէջ անոր հետ իբրեւ մարդասպան կը վարուին: Սակայն երբ մէկը՝ օրինակ՝ Յակոբի, Խաչատուրի սպաննէ, հերոս կը դառնայ եւ մինչեւ իսկ բանտին մէջ իբրեւ հերոս կը դիտուի: Այս է տարբերութիւնը»:
«Այսօր Պոլսոյ հայ բնակչութիւնը ընդհանուր բնակչութեան մէկ տոկոսն իսկ չէ, սակայն հայերու յանցագործութեան թիրախին մէջ յայտնուելուն հաւանականութիւնը շատ մեծ է», ըսած է մէկ այլ բնակիչ:
Զեկուցումին մէջ տեղ գտած են հետեւեալ եզրայանգումները. Սամաթիոյ հայերը յարձակումի վտանգի առջեւ են: Հասարակութեան մը միութեան ամէնէն խոցելի կէտը անօգնական, ուշադրութեան կարիք եղող ընտանիքի մեծերը, տարեցներն են: Սակայն Սամաթիոյ հայերուն ամէնէն թոյլ, ամէնէն զգայուն եւ ամէնէն ցաւոտ տեղը կը դպչին:
Կատարուած սպանութիւնը պարզապէս կողոպուտի նպատակով չէ կատարուած, անիկա բռնութիւն պարունակած է:
Սամաթիոյ հայ բնակչութիւնը անհանգիստ է: Որքան ալ չուզեն ընդունիլ, զգացնել տալ, ատիկա հայ ինքնութեան ուղղուած ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան դրսեւորում է: