Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պոլսոյ մեր թղթակիցներէն կ'իմանանք թէ «Ակօս» թերթը երէկ լուր մը հաղորդած է, ըստ որու, մէկ օր առաջ, 22 Յունուարին, հայ տարեց կնոջ մը դէմ յարձակում գործուած է։

Յարձակողը վերէն վար սեւ հագած եւ երեսն ալ ծածկած անձ մըն էր, որ երբ կինը հազիւ տուն վերադարձած կը փորձէր տան դուռը բանալ, ան ետեւէն յարձակեցաւ եւ գլուխէն հարուածեց։ Կինը արիւնլուայ վիճակի մէջ վար ինկաւ։ Այն պահուն իր դուստրը դուռը բացաւ եւ մօր վիճակը տեսնելով սկսաւ բարձրաձայն աղաղակել։ Դրացիներն ալ մօտեցան, բայց յարձակողը փախուստ տուաւ։

Յարձակման ենթարկուած է ազգութեամբ հայ 80-ամեայ Սուլթան Այքարը: Վիրաւորուած կինը կը գտնուի հիւանդանոց։ Ան աչքի վիրահատութեան ենթարկուած է։

Վերջին շրջանին Պոլսոյ մէջ հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումներու արդէն երրորդ դէպքն էր այս: Դեկտեմբեր 28-ին նոյն թաղամասէն ներս դաժանաբար սպաննուած էր 84-ամեայ Մարիցա Քիւչուքը: Նախապէս յարձակումի ենթարկուած էր այլ հայուհի մը եւս, որ հարուածներու հետեւանքով կորսընցուցած էր աչքը։ Յիշեցնենք նաեւ, որ այլ կինի մը դէմ առեւանգման փորձ կատարուած էր։

Թրքական անվտանգութեան մարմինները նման դեպքերէն յետոյ միշտ ելոյթներ կþունենան մամուլէն, ուր կը յայտարարեն թէ շուտով պիտի բացայայտեն յանցաւորները։ Սակայն մինչեւ հիմա ոեւէ մէկը ձերբակալուած չէ, ոչ ալ ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան ենթարկուած է։ Նշենք, թէ յարձակումները իրագործուած են տեսախցիկներով հետապնդուող շրջաններու մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի չէ եղած ոեւէ մէկը ձերբակալել։

Պոլսոյ մարդոց իրաւունքներու հաստատութիւնը այսօր հաւաք մը կը կազմակերպէ Սամաթիոյ ոստիկանապետութեան առջեւ, բողոքի գրութիւն մը յանձնելու նպատակով։ Սամաթիոյ ոստիկանապետէն պիտի պահանջուի որ նման դէպքերու առաջքը առնէ եւ ոճրագործները ձերբակալէ։