Թուրքիայի Ն’շեհիր շրջանի Դերինքույու գաւառէն ներս գտնուող յունական Այիոս Թեոտորոս Տրիոն եկեղեցին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ յանձնուած է Դերինքույուի նահանգապետարանին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով հայկական «Ակօս» պարբերականը, այս մասին յայտնած է Դերինքույուի նահանգապետ Ջան Քութլուջան: 19-րդ դարու կիսուն կառուցուած եւ նախապէս Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատկանող եկեղեցին զբօսաշրջիկներու համար կը բացուէր միայն նախարարութեան յատուկ թոյլտուութեամբ: Այն կը համարուի Կապադովկիայի ամենամեծ եկեղեցին: Տարուայ ընթացքին մի քանի անգամ թոյլատրուած էր եկեղեցական արարողութիւններ կատարել: